
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն - Հալէպ - On Facebook
Հալէպահայութիւնը դարձեալ կ'ապրի ճգնաժամային օրեր
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն Հալէպ,
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութիւն - Հալէպ
We read on Facebook - Ֆեյսբուքեն կը կարդանք
Յարգելի հայորդիներ,
Հալէպահայութիւնը դարձեալ կ'ապրի ճգնաժամային օրեր:
Միջին Արեւելքի զարգացումներուն եւ իրադրութեանց ընդհանուր հոլովոյթին մէջ տակաւին կանուխ է ամբողջական պատկերացում կազմել ։ Սուրիոյ ներկայի կացութիւնը եւ իրավիճակը կը մնան մտահոգիչ եւ անորոշ ։ Ընդհանրապէս սուրիահայութիւն եւ մասնաւորապէս Հալէպի մեր հայրենակիցներուն վճռակամ եւ ըմբոստ հոգին այն երաշխիքն է, որով այսօր տակաւին կը գոյետեւենք սուրիական մեր հայրենիքի մէջ ։
Գալիքին մեր առջեւ ունինք զանազան մարտահրաւէրներ եւ կարելի չէ կանխատեսել թէ ՞ինչ պիտի ըլլայ արդիւնքը :
Այս անորոշութիւնը ամենածանր մտահոգութիւններէն է :
Մենք յաճախակի հանդիպումներ պիտի ունենանք մեր համայնքի պատկան մարմիններուն հետ , որ կարենանք ճիշդ ուղղութիւն տալ մայր գաղութին ։
Ինչպէս անցնող տարիներուն, ներկայ պայմաններուն նաեւ անհրաժեշտ է հոգալ համայնքի բոլոր զաւակներուն, որպէսզի վառ պահենք մայր գաղութը եւ օգնենք ամէն տեսակի դժուարութիւնները յաղթայարելու :
Մեր մաղթենք է ապահով պայմաններու մէջ պահել մեր գաղութի զաւակները եւ այս սեւ ամպը արագ վերանայ սուրիայհայութեան երկնակամարէն ։